
Բարի գալուստ Նիկոսիոյ Նարեկ Հայկական Միջնակարգի նոր կայքէջ
Ելեկտրոնային տեղեկատուութեան այս դարուն, մեր նպատակն է ձեզի հետ առցանց հաղորդակցիլ եւ տեղեկացնել մեր դպրոցի գործունէութեան մասին: Մեր կայքէջին ճամբով կը ներկայացնենք մեր համայնքի եւ դպրոցի պատմութիւնն ու ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ՝ տարեշրջանի ընթացքին կազմակերպուող գործունէութեանց եւ ձեռնարկներու մասին՝ հարուստ նկարներով եւ աշակերտներու ստեղծագործութիւններով:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք եւ կը մաղթենք ձեզի հաճելի ճամբորդութիւն մեր կայքէջին մէջ:
Վերա Թահմազեան
Տնօրէնուհի


