Հայկական համայնքը
- Details
Կիպրոսի հայոց թեմը հիմնադրուած է 973 թուին Հացիկ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ եւ այդ թուականէն ցայսօր կը պահպանէ իր անխափան ներկայութիւնը կղզիին վրայ:
Պատմականօրէն թեմը ենթակայ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Այսօր թեմի կաթողիկոսական փոխանորդը Կոմիտաս Արք. Օհանեանն է (Աղբիւրի հրատարակութեան ժամանակ Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ եղած է Վարուժան Արք. Հէրկէլեանը):
Թեմը ունի իր սեփական շէնքը (1984), որ կը գտնուի Նիկոսիոյ Նարեկ Հայկական Վարժարանի եւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքը: 1998-ին, Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հէրկէլեանի նախաձեռնութեամբ՝ առաջնորդարանի ներքնայարկը վերանորոգուած եւ կոչուած է «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահ: Վահրամ Իւթիւճեան արուեստի իր գործերը 1954-ին նուիրած էր թեմին: 1994 թուին արուեստի այդ գործերը աճուրդով վաճառուած են, իսկ վաճառքի հասոյթը տրամադրուած՝ առաջնորդարանի սրահի վերանորոգութեան:
Թեմիս Ազգային Իշխանութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուին եկեղեցական մասունքներ, որոնք նախապէս կը պահուէին Նիկոսիոյ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին հին եկեղեցւոյ մէջ:
Թեմի կանոնագրութիւնը բաղկացած է 102 յօդուածներէ: Ներկայիս գործող կանոնագրութիւնը վերամշակուած եւ գործադրուիլ սկսած է 2010-էն սկսեալ:
Թեմը կը կառավարուի Ազգային Իշխանութեան կողմէ, որ բաղկացած է օրէնսդիր մարմինէ (Թեմական Ժողով – Ազգային Երեսփոխանական Ժողով) եւ գործադիր մարմինէ (Ազգային Վարչութիւն): Նիկոսիոյ, Լառնագայի եւ Լիմասոլի մէջ կը գործեն նաեւ ծիսական յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբ եւ տիկնանց յանձնախումբ: Առաջնորդարանը Կիպրոսի կառավարութենէն տարեկան նիւթական աջակցութիւն կը ստանայ:
Աղբիւր՝ Մամլոյ եւ տեղեկատուութեան գրասենեակ, «Կիպրոսի Հայերը» հրատարակութիւն:


