Accessibility Tools
GYMNASIO NAREK

Select your language

Ամբողջ տարուան ընթացքին եւ մշտապէս աշակերտներն ու աշակերտուհիները կը հագնին դպրոցին կողմէ հաստատուած իրենց համազգեստը:

Աշակերտներու համազգեստ

  • Մուգ մոխրագոյն Ֆութըր, Փուլովըր, կամ երկար թեւերով փաճկոն, միագոյն, առանց գրութիւններու եւ պատկերներու, դպրոցին կրծքանշանով։
  • Մոխրագոյն տաբատ (դպրոցական)։
  • Բաց կապոյտ շապիկ՝ դպրոցին կրծքանշանով։
  • Ճերմակ վերնաշապիկ՝ դպրոցին կրծքանշանով եւ փողկապ՝ դպրոցի պաշտօնական ձեռնարկներուն։
  • Պարզ սեւ կօշիկներ՝ պաշտօնական ձեռնարկներուն, իսկ առօրեային՝ պարզ սեւ, կամ մարզական կօշիկներ (ոչ արտառոց գոյներով)։

Աշակերտուհիներու Համազգեստ

  • Մուգ մոխրագոյն footer, ժաքէթ, կամ երկար թեւերով պաճկոն, միագոյն, առանց գրութիւններու եւ պատկերներու, դպրոցին կրծքանշանով։
  • Մոխրագոյն փեշ կամ մոխրագոյն տաբատ (դպրոցական)։
  • Բաց կապոյտ շապիկ՝ դպրոցին կրծքանշանով։
  • Ճերմակ վերնաշապիկ՝ դպրոցին կրծքանշանով եւ փողկապ՝ դպրոցին պաշտօնական ձեռնարկներուն։
  • Զուգագուլպայ՝ ձմեռային ամիսներուն փէշին հետ, մորթագոյն, կապոյտ, կամ սեւ գոյներով։
  • Պարզ սեւ կօշիկներ՝ պաշտօնական ձեռնարկներուն, իսկ առօրեային՝ պարզ սեւ կամ մարզական կօշիկներ (ոչ արտառոց գոյներով)։

Մարզանքի Համազգեստ

  • Կապոյտ, սեւ, կամ մոխրագոյն մարզազգեստներ՝ առանց կրծքանշաններու։
  • Կապոյտ կարճ տաբատ՝ դպրոցին կրծքանշանով։
  • Բաց կապոյտ մարզաշապիկ՝ դպրոցին կրծքանշանով։
  • Մարզական կօշիկներ։