Accessibility Tools
GYMNASIO NAREK

Select your language

1870-ին Նիկոսիոյ մէջ կը հիմնուի հայկական առաջին դպրոցը, որ 1886-ին կը նորոգուի եւ կը կոչուի «Վարդանանց Տղոց Դպրոց»: 1902 թուին կը հիմնուի Սուսանեան աղջկանց դպրոցը, իսկ 1907 թուին՝ նախակրթարանը: 1921 թուին երկու նախակրթարանները փոխարինուեցան Մելիքեան դպրոցով, որուն կողքը կառուցուեցան Ուզունեան դպրոցն (1938թ.) ու նախակրթարանը (1950 թ.):

1963-1964 թուականներուն միջհամայնքային հակամարտութիւններու ժամանակ Վիքթորիա փողոցին վրայ գտնուող հայկական համալիրի գրաւումին պատճառով, Փետրուար ամսուն Մելիքեան-Ուզունեան դպրոցը վերաբացուեցաւ Մակարիոս Արքեպիսկոպոս փողոցին վրայ:

Նիկոսիոյ Կրթական որբանոցը հիմնուած է 1897-ին, վաստակաւոր ուսուցիչ Վահան Քիւրքճեանի կամ Բակուրանի կողմէ, 1895-ի ջարդերէն եւ հալածանքներէն Կիպրոս ապաստանած հայ փոքրիկները կրթելու համար: Այս ծրագիրը յաջողած է շնորհիւ Բակուրանի կատարած հանգանակութիւններուն՝ Եգիպտոսի, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ մէջ: Կրթարանը ունեցած է նաեւ գիշերօթիկի բաժին:

1921-ին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ շինուած է Ազգային Մելիքեան Վարժարանին շէնքը, Յարութիւն Պել Մելիքեանի ժառանգորդներուն նուիրատուութեամբը, իսկ 1938-ին մանչերու Վարդանանց վարժարանի հողին վրայ կառուցուած է Ազգային Ուզունեան Վարժարանը Տիգրան Ուզունեանի նուիրատուութեամբ:

Այնուհետեւ Նիկոսիոյ Ազգային Վարժարանը «Մելիքեան-Ուզունեան» անունին տակ շարունակած է գործել մինչեւ 1963 Դեկտեմբեր ամիսը, երբ կղզիին միջ-համայնքային կռիւներու ընթացքին հայկական գլխաւոր թաղամասը՝ Վիքթորիա փողոցը, կը գրաւուի թուրքերու կողմէ, եւ գաղութը կը կորսնցնէ իր Եկեղեցին, Առաջնորդարանը եւ Վարժարանը:

Մտքի եւ հաւատքի զոյգ կեդրոններու աղէտալի կորուստով կը խանգարուի կրթական գործը, եւ աշակերտութիւնը կը մնայ առանց դպրոցի աւելի քան մէկ ամիս: Տարի մըն ալ Միցցիս Յոյն Աղջկանց Ճեմարանին մէջ գործելէ ետք, դպրոցական կեանքը կը վերակազմուի 1964-1965 տարիներուն Հայ Ազգային անունին տակ Մելգոնեան Հաստատութեան շրջափակին մէջ կառուցուած երկու մետաղաշէն շէնքերու մէջ օժանդակութեամբը՝ Կիպրոսի կառավարութեան:

Դպրոցական այս տեղափոխութիւնը եւ հայ համայնքի տարտղնուած վիճակը լուրջ դժուարութիւններ ստեղծելով հանդերձ, վարժարանը իր 171 աշակերտներով կը ձեռնարկէ կրթական իր ծրագիրը ամբողջացնելու աշխատանքին:

1964-1972, ութ տարիներու ընթացքին հետզհետէ, սակայն աւելի թոյլատու պայմաններով օժտուած նոր վարժարանի մը կարիքը անհրաժեշտ կը նկատուի եւ Պետութեան մօտ կատարուած յարատև դիմումներներով 1971- 1972-ին կը կառուցուի այժմու Նարեկ Վարժարանը, նոր եւ պայծառ էջ մը բանալով գաղութի ազգային կրթական եւ մշակոյթի կեանքէն ներս: Վարժարանին պաշտօնական բացումը տեղի կ’ունենայ 12 Նոյեմբեր 1972-ին ձեռամբ կղզիին հայրենասէր նախագահ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսի եւ ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երջանկայիշատակ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին:

Այդ թուականէն ի վեր վարժարանը կը գործէ անձանձրոյթ հետապնդելով ուսման բարձր մակարդակ և հայակերտումի գլխաւոր նպատակը: