Accessibility Tools
GYMNASIO NAREK

Select your language

Հայերէնը հարուստ եւ կուր լեզու մըն է, որ կը խօսուի ինը միլիոն հայերու կողմէ, որոնք կ'ապրին Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի չորս ափերուն վրայ: Հայերէնը հնդեւրոպական լեզուընտանիքին պատկանող անկախ ճիւղ է: Մինչեւ հիգերորդ դար հայերէնը չէ ունեցած իր սեփական գիրերը: Հայերէնի համար օգտագործուած են յունարէն, պարսկերէն եւ ասորերէն գիրեր: 405 թուական Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ձեռամբ տեղի ունեցաւ հայոց գիրերու գիւտը, որուն յաջորդեց Աստուածաշունչի հայերէն հրաշալի թարգմանութիւնը:

Աստուածային ոգեշնչմամբ ստեղծուած եւ սկզբնապէս 36 գիրերէ բաղկացած նոր այբուբենը մեծապէս ողջունուեցաւ Վռամշապուհ թագաւորի եւ Սահակ Ա. Կաթողիկոսի (Պատրիարքի) կողմէ: Այդ շրջանին կատարուած գրական ու մշակութային մեծ զարթօնքը առիթ եղան հինգերորդ դարը «Ոսկեդար» կոչելու: Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան ժամանակ եւրոպական ազդեցութեան հետեւանքով 12-րդ դարուն այբուբենին աւելցաւ եւս երկու գիր:

19-րդ դարուն, երբ Հայաստան բաժնուած էր երկու տարբեր կայսրութիւններու՝ Ցարական (Ռուսական) կայսրութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, գոյութիւն ունեցող բազում բարբառներէն յառաջացան հայերէնի երկու լեզուաճիւղերը: Օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հատուածին մէջ յառաջացաւ արեւմտահայերէնը (Պոլսական բարբառին հիման վրայ) եւ արեւելահայերէնը (Արարատեան բարբառին հիման վրայ): Արեւմտահայերէնը ցայսօր կը խօսուի սփիւռքի տարբեր շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան կողմէ (Միջին Արեւելք (ներառեալ՝ Կիպրոս), Ամերիկա, իսկ արեւելահայերէնը կը կիրարկուի Հայաստանի, նախկին խորհրդային միութեան երկիրներու եւ Պարսկաստանի մէջ ապրող հայերու կողմէ: Թէեւ ընդհանուր առմամբ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէը կը համարուին մէկ լեզու, սակայն անոնց մէջ կը նկատուին հնչիւնական, ուղղագրական, քերականական տարբերութիւններ:

Աղբիւր՝ Մամլոյ եւ տեղեկատուութեան գրասենեակ, «Կիպրոսի Հայերը» հրատարակութիւն: